Search
Close this search box.

ՏԽՐՈՒՆԻ – Մահ՝ Գրիգոր Փափազեանի

Սրտի խոր կսկիծով տե­ղեկա­ցանք, թէ գա­ղու­թիս ծա­նօթ դէմ­քե­րէն՝ ազ­գա­յին գոր­ծիչ, վաս­տա­կաշատ Գրի­գոր Փա­փազեան կնքած է իր մահ­կա­նացուն։ Եր­կու ամի­սէն ան պի­տի դառ­նար 100-ամեայ։ 

Ող­բա­ցեալին տա­րիքը կրնայ շա­տեր մղել մտա­ծելու, որ ան շա­տոնց դադ­րած ըլ­լա­լու է գոր­ծուն կեանք մը ու­նե­նալէ։ Բայց անոնք չա­րաչար պի­տի սխա­լին, քա­նի որ Գրի­գոր Փա­փազեան իր կեան­քին գրե­թէ մին­չեւ վեր­ջը շա­րու­նա­կեց կամ փոր­ձեց շա­րու­նա­կել սպա­սար­կել այն ար­ժէքնե­րուն, որոնց սրտանց հա­ւատաց ի սկզբա­նէ։ 

Միշտ հա­մեստ, հե­ռու ինքզինք ու իր գոր­ծը ցոյց տա­լու մո­լուցքէ, ան­ձայն-աննշշուկ, նուիրու­մով իր ծա­ռայու­թիւնը բե­րաւ ֆրան­սա­հայու­թեան հա­մար կա­րեւոր բո­լոր հանգրուան­նե­րուն, ծա­ռայեց անոր կա­րեւոր բա­ղադ­րիչնե­րուն՝ Նոր Սե­րունդին, ՀՅԴ-ին, Յա­ռաջ օրա­թեր­թին, Հա­յաս­տա­նի աւե­րիչ երկրա­շար­ժէն ետք՝ SOS Arménie-ին, բայց մա­նաւանդ աջ բա­զու­կը հան­դի­սացաւ Նոր­վան ար­քե­պիս­կո­պոս Զա­քարեանի՝ Հայ առա­լելա­կան եկե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­հայոց թե­մի ստեղծման բարդ ու դժուարին գոր­ծին մէջ։ 

Ող­բա­ցեալը ամէ­նէն ծա­նօթ դէմ­քե­րէն էր Շա­ւիլի հայ գա­ղու­թին եւ տաս­նա­մեակ­նե­րու ծա­ռան՝ տեղ­ւոյն Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ ալ, որ­մէ ան­տարանջատե­լի պի­տի մնայ անոր անու­նը։ 

Յի­շատակն ար­դա­րոց օրհնու­թեամբ եղի­ցի։

«ՆՅ» – Մեր խո­րին ցա­ւակ­ցութիւննե­րը ող­բա­ցեալին ըն­տա­նիքին։

Յու­ղարկա­ւորու­թեան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը ստորեւ.

 

Մ Ա Հ Ա Զ Դ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք մահուան

ԳՐԻԳՈՐ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ,

որ երկու ամիսէն պիտի բոլորէր իր 100-ամեակը։

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, ժամը 13.30-ին, մեր՝ Շաւիլի եկեղեցւոյ մէջ։

Շաւիլի մեր համայնքի մեծագոյն դէմքերէն եւ մեր եկեղեցւոյ հաւա­տացեալներէն՝ Գրիգոր ՓԱՓԱԶԵԱՆ գործած էր Նորվան Արք. ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ կողքին, 2007-ին Ֆրանսայի Հայոց թեմի հաստատման ի խնդիր։

Հանգիստ՝ իր հոգւոյն։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները ընտանիքին։ 

Շաւիլի Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ

Ծխական Խորհուրդ