Search
Close this search box.

“Տպաւորութիւն է` գործ ենք ունենալու նոր պատերազմի հետ”

Նախադասութիւնը մտահոգիչ է, սահմռկեցուցի՛չ. մինչդեռ ան կը պատկանի Հայաստանի ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարին՝ վարչապետին։

Արդարեւ, վարչապետ Փաշինեանի գնահատումով՝ Ազերպայճան՝ հայկական կողմին հետ խօսակցելէ կը հրաժարի ու այդ հարցին մէջ հրապարակայնօրէն կը մեղադրէ Հայաստանը՝ վերջինիս դէմ նոր պատերազմ մը արդարացնելու համար:  Փաշինեան Յունիս 27-ին նման համոզում յայտնեց Դիմագիրքի իր էջէն ուղղակի կապով՝ պատասխանելով լրատու միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հարցումներուն:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք այսօրուայ աշխարհաքաղաքական իրողութեան մէջ, Ազերպայճանի եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան օրակարգը  ունի՞ ճշմարիտ այլընտրանք՝ Փաշինեան բացասական պատասխան տուաւ:

Ան ընդգծեց, որ խաղաղութեան օրակարգի այլընտրանքը նոր պատերազմն է: Ազերպայճան կը մերժէ խօսակցիլ՝ հրապարակայնօրէն պարսաւելով Հայաստանը խօսակցութենէ հրաժարելու մեղադրանքով: “Իմ գնահատականը մէկն է՝ դա արւում է Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի լեգիտիմութիւն ձեւաւորելու համար: Մենք պատրանքներ չունենք Ադրբեջանի խորքային նպատակների եւ մտադրութիւնների մասին, բայց նաեւ առաւել եւս այդ պարագայում մեզ համար առաւել սկզբունքային եւ կարեւոր է խաղաղութեան օրակարգի հետեւողական, համբերատար առաջ մղումը: Եւբազմիցս եմ ասել, որ այս ճանապարհին մեզ պէտք են ամուր նեարդեր, հաւասարակշռուածութիւն, առաւելագոյն ոչ-յուզական վիճակ”,– ըսաւ վարչապետը, անգամ մը եւս շեշտելով, որ խաղաղութեան օրակարգին այլընտրանք չկայ: