Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (International Association of Genocide Scholars – IAGS)՝ ցեղասպանութիւնները ուսումնասիրող ամէնէն մեծ եւ ամէնէն հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը, որուն կ՚անդամակցին շուրջ 700 ցեղասպանագէտներ, իր բոլոր անդամներու քուէարկութեամբ, Սեպտեմբեր 2-ին ընդունած է Արցախին վերաբերող բանաձեւ մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«1.- 2022 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումը, ներառեալ` Լաչինի միջանցքի փակումը, [Ընկերակցութիւնը] կ՚որակէ կեանքի այնպիսի պայմաններու ստեղծում, որոնք կը յանգեցնեն հայ ժողովուրդը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու կամ տեղւոյն հայերուն ֆիզիքական վնաս պատճառելու, որոնք ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագրով կը համարուին ցեղասպանական գործողութիւններ:
2.- 2023 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին հայութեան հարկադիր տեղահանումը շրջափակման եւ ռմբակոծման միջոցով ցեղային զտում եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է` բռնի տեղափոխում եւ տեղահանութիւն:
3.- խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է:
4.- հայ ռազմագերիներու եւ խաղաղ բնակիչներու խոշտանգումը եւ սպանութիւնը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է:
Կոչ կ՚ընէ՝
5.- Ազերպայճանին՝ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները:
6.- Ազերպայճանին՝ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումները:
7.- Ազերպայճանի կառավարութեան՝ կանխելու հայերու իրաւունքներու հետագայ խախտումները:
8.- Ազերպայճանի կառավարութեան՝ կանխելու հայերու իրենց հայրենիքէն հետագայ տեղահանութիւնները եւ յարգելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:
9.- պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
10.- միջազգային հանրութեան՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը:
11.- միջազգային հանրութեան՝ երաշխաւորելու հայերու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ:
12.- ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ գործադրուած յանցագործությունները:
13.- արդարադատութեան միջանկեալ միջոցներ կիրարկելու, ներառեալ՝ պատիժներ, Պատժական միջազգային ատեանին կողմէ գործի քննութիւն:
14.- Պատժական միջազգային ատեանի դատախազին՝ հետաքննելու յանցագործութիւնները:
15.- Ազերպայճանին՝ զօրքերը ետ քաշելու Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը»։
Սոյն բանաձեւին ամբողջական բնագիրը կարելի է գտնել Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան կայքին
իսկ ոչ-պաշտօնական թարգմանութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կայքին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։