Search
Close this search box.

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը ստորագրահաւաք սկսած է Պաքուի բանտերուն մէջ շղթայուած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը Ազերպայճանի բռնապետին կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ ռազմագերիները եւ այս առնչութեամբ ստորագրահաւաք սկսած է։

«Բարերար, մարդասէր, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ձերբակալուած է Ազերպայճանի կառավարութեան կողմէ եւ ապօրինաբար բանտարկուած այլ նշանաւոր հայերու հետ։ Պահը հասած է, որ Իլհամ Ալիեւ անյապաղ ազատ արձակէ այս հայերը։

(…) Իւրաքանչիւր օրը կարեւոր է այս բանտարկեալներու կեանքին համար: Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է ներառէ բանտէն անոնց ազատ արձակումը», – մասնաւորապէս նշուած է Հիմնարկի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր յատկապէս ընդգծուած է, թէ հայ ռազմագերիներու առողջական վիճակին մասին շատ քիչ տեղեկատւութիւնը խորապէս մտահոգիչ է։

Պաքուի Վերաքննիչ ատեանը մերժած է Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը

Ազերպայճանական մամուլը կը գրէ, թէ Պաքուի Վերաքննիչ ատեանը մերժած է Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը, որ կը վերաբերէր իր բանտարկութեան պայմանաժամը երկարելու դատական վճիռին։ Հետեւաբար, Ազերպայճանական Վերաքննիչ ատեանը անփոփոխ պահած է այդ վճիռը, որ կը նախատեսէ Արցախի նախկին Պետական նախարարի բանտարկութեան երկարաձգումը։