Յունուար 22-ին, Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխան Լիլիթ Գալստեանի հարցումին թէ՝ ինչո՞ւ Երեւան լուռ է, երբ Պաքուի բանտերուն մէջ կեղեքման եւ խոշտանգումներու կ՚ենթարկուին Հայաստանի քաղաքացիները, ըսած է. “Այն տեղեկութիւնները, որ մենք իմացանք եւ տեսանք այն տեսարանները, դրանք ի հարկէ մտահոգիչ են, բայց նաեւ պէտք է արձանագրենք, որ այս իրավիճակին մօտենում ենք չվնասելու տրամաբանութեամբ. թէ՛ մեր դիւանագիտական շփումներում, թէ՛ օրակարգում այդ հարցը մշտապէս ներկայ է”։
“Մենք շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը, որպէսզի հասնենք արդիւնքի։ Էլի եմ ասում՝ մեր խնդիրը առաջին հերթին չվնասելն է: Ես հիմա կարող եմ յայտարարութիւններ անել, որ ձեր հայրենասիրական զգացումները բաւարարող յայտարարութիւն լինի, բայց այդ յայտարարութեան հետեւանքները եւ ազդեցութիւնը այդ մարդիկ զգալու են բանտում՝ իրենց մաշկի վրայ։ Սա մենք հասկանո՞ւմ ենք, թէ՞ չենք հասկանում”,– աւելցուցած է Փաշինեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։