Search
Close this search box.

Փաշինեան՝ Սարդարապատի յուշահամալիրի միջադէպին մասին.  «Ոստիկանութիւնը Վեհափառէն փորձած է ճշդել, թէ արդեօք եկած է շարունակելո՞ւ իր ղեկավարած շարժումին գրգռիչ գործողութիւնները»

Վարչապետ Փաշինեան Մայիս 29-ին լրագրողներու հետ զրոյցին, պատասխանելով հարցումին, թէ ինչո՞ւ Մայիս 28-ին խոչընդոտուեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ այլ հոգեւորականներու մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր, ըսած է. “Ոստիկանութիւնը փորձել է ճշդել, թէ Վեհափատ հայրապետը արդեօք եկել է իր քաղաքական կողմնակիցների եւ իր կողմից ղեկավարուող շարժման նախաձեռնած խոչընդոտող եւ սադրող գործողութիւնները շարունակելո՞ւ, թէ՞ այլ նպատակադրմամբ եւ երբ նրանից ստացել է հաւաստումներ, որ այն ունի միայն արարողակարգային նպատակ՝ ապահովուել է Վեհափառ հայրապետի մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիրի պետական արարողակարգային միջոցառման տարածք”։

Ան աւելցուցած է, որ Վեհափառը պաշտօնական արարողութեան հրաւէր չէ ունեցած, իրենք ալ տեղեկութիւն չեն ունեցած, որ ան այդ կ՚ակնկալէր։

Հարցումին, թէ «քանի որ Բագրատ սրբազանի շարժումին չէր մասնակցեր կաթողիկոսը, այդ պատճառո՞վ թոյլատրուեցաւ անոր մուտքը», Փաշինեան պատասխանած է.– “Խնդիրը որեւէ շարժման մասնակցել-չմասնակցելու մէջ չէ, ՀՀ ցանկացած քաղաքացի ունի իրաւունք եւ ազատութիւն՝ մասնակցելու կամ չմասնակցելու որեւէ շարժման, խօսքը սրա մասին է՝ նպատակը պետական արարողակարգային միջոցառմանը խոչընդոտե՞լն է, թէ՞ չէ”։

Վարչապետը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւ չկայ.– “Եթէ Եկեղեցու դէմ արշաւ տեսնում էք, ուրեմն դա պէտք է տեսնէք ուրիշ տեղ եւ այդ տեղը կապ չունի ՀՀ կառավարութեան եւ կառավարող մեծամասնութեան հետ”։