Հայաստանի Պետական եկամուտներու յանձնախումբի (ՊԵԿ) նախագահ կը նշանակուի Էդուարդ Յակոբեան: Լուրը հաղորդած է վարչապետը՝ Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Էդուարդ Յակոբեան, որ ներկայումս Ելեւմուտքի փոխնախարարն է, կը նշանակուի Պետական եկամուտներու յանձնախումբի նախագահ»,– կը գրէ ան:
Նշենք, թէ Էդուարդ Յակոբեան 33 տարեկան է. 2013-էն ի վեր կ՚աշխատի Ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։