Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Պրիւսէլ։
«Սեպտեմբեր 26-ին կը նախատեսուի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Շառլ Միշէլի խորհրդականներուն ու Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հ. Հաճիեւի հետ՝ նախապատրաստելու Հոկտեմբեր 5-ին Կրանատայի մէջ նախատեսուած առաջնորդներու հանդիպումը»,– նշուած է Անվտանգութեան խորհուրդի այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։