Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Այս պահի դրութեամբ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ  չկայ որեւէ համաձայնութիւն քարտէսներու վերաբերեալ»

 

Մարտ 20-ին, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ սա պահուս Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ չկայ որեւէ համաձայնութիւն քարտէսներու վերաբերեալ, որոնք պէտք է օգտագործուին սահմանազատման ժամանակ։ “Կայ համաձայնութիւն, որ Հայաստան եւ Ադրբեջան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչում են Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ։ Եւ կայ ըմբռնում, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ պէտք է տեղի ունենայ սահմանազատման գործընթաց։ Սահմանազատման գործընթացի համար նոյնպէս քաղաքական հիմքը պէտք է լինի Ալմաթիի հռչակագիրը”,– ընդգծած է ան եւ բացատրած, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատում։

“Դա նշանակում է ոչ թէ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ նոր սահման ստեղծել, այլ նշանակում է՝ Խորհրդային Միութեան ամենավերջին տէ եուրէ նշանակութիւն ունեցող սահմանները վերաարտայայտել գետնի վրայ”,– եզրափակած է Փաշինեան։