Փաշինեան.- “Այս պահի դրութեամբ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմից հաստատուած 49 զոհ ունենք”

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13-ի առաւօտեան Ազգային ժողովին առջեւ ունեցած ելոյթին՝ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան՝  ներկայ դրութեամբ հայկական կողմը ունի 49 զոհ: 

“Ադրբեջանի զինուած ուժերը յարձակողական գործողութիւններ են ձեռնարկել Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ՝ 4 ուղղութիւններով, հետագայում 2-3 ուղղութիւն էլ  աւելացել է: Եւ Ադրբեջանը փորձում է ներկայացնել, թէ այդ գործողութիւնները եղել են ի պատասխան Հայաստանի կողմից ինչ-որ սադրանքների: Բայց պէտք է միանշանակ արձանագրենք, որ այդ տեղեկութիւնը բացարձակապէս կեղծ է եւ սուտ է եւ ընդհանրապէս չի համատասխանում իրականութեանը”,– ըսած է Փաշինեան: