Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է իր պաշտօնակից Նաճիպ Միքաթիին, նշելով թէ Երեւան խիստ մտահոգ է Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ստեղծուած հետզհետէ վատթարացող կացութեամբ եւ անթոյլատրելի կը համարէ խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու ռմբակոծումները:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚աջակցի Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ գործուն մասնակցութեամբ՝ հայկական խաղաղապահ զօրախումբի միջոցով, կը նպաստէ Լիբանանի անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն»,– իր ուղերձին մէջ ընդգծած է Հայաստանի վարչապետը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։