Search
Close this search box.

Փաշինեան եւ Փութին համաձայնած են, որ ռուս սահմանապահները հեռանան Հայաստանի շարք մը մարզերէն. անոնք կը մնան Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանին

Մայիս 9-ին, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ նախորդ օր տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսաստանի նախագահին միջեւ կայացած հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է, որ ռուս սահմանապահները հեռանան Հայաստանի շարք մը մարզերէն, բայց անոնք կը մնան հայ-թրքական եւ հայ-իրանական սահմանին։

Նոյն օրը, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան յայտնած է. “Համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում եւ դրանից յետոյ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Գեղարքունիքի, Արարատի մարզերում տեղակայուած ռուս սահմանապահ եւ զինուորական կէտերը կը դադարեցնեն իրենց տեղակայումը եւ դուրս կը գան այդ կէտերից”։