Սեպտեմբեր 11-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հեռաձայնային զրոյցը։ Լուրը կը հաղորդէ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան։
Զրուցակիցները անդրադաձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային հարցերու:
Երկու երկիրներու ղեկավարերը ընդգծած են, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան և կայունութեան հաստատումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման:
«Կողմերը նշեցին, որ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը այդ ուղղութեամբ»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Բաղդասարեան:
***
Աւելցնենք, թէ թուրք մամուլը այս լուրին արձագանգելով՝ կը գրէ նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին յայտնած է Արցախի նախագահական ընտրութեան իրենց համար անընդունելի բնոյթը, այդ զարգացումը համարելով խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն հասցուած հարուած։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։