Նոյեմբեր 16-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորելէ ետք ԱՄՆ-ու նախագահին ընտրութիւնը, տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստան–Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ ընթացիկ վիճակին մասին:
Կողմերը քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։