Սեպտեմբեր 2-ին, դպրոցական վերամուտին առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կնոջ հետ այցելած է Հանրապետութեան մէջ նոր կառուցուած շարք մը դպրոցներ, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն եւ ստեղծուած պայմաններուն:
Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի «Գագիկ Վարդանեան» նորակառոյց դպրոցին մէջ վարչապետը անդրադարձած է դպրոց յաճախելու անվտանգութեան հարցերուն. “Ես ուզում եմ պատասխանատու կերպով ասել, որ Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մէջ երբեք Կիրանցում դպրոց գնալը աւելի անվտանգ չի եղել, քան այսօր, երբեք Կիրանցում ապրելը աւելի անվտանգ չի եղել, քան այսօր: Եւ սա շատ կարեւոր արձանագրում է”: Ան աւելցուցած է. “Երբ ասում են, որ Կիրանցում դպրոց գնալը անվտանգ է, դա ինքնին պէտք է նշանակի, որ ադրբեջանական Խեյրիմլի գիւղում էլ դպրոց գնալը նոյնքան եւ նոյնպէս անվտանգ է”:
Վարչապետը վերահաստատած է այն միտքը, որ դպրոցը նախ եւ առաջ աշակերտները, երեխաները պէտք է պատրաստէ բարեկեցիկ, հարուստ կեանքի. “Մենք մեր երեխաներին պէտք է սովորեցնենք դառնալ հարուստ: Օրինական, ստեղծարար աշխատանքով հարստանալ եւ հարստացնել գիւղը, բնակավայրը, մարզը, պետութիւնը: Սա ամենակարեւոր հմտութիւնն է, որ մենք մեր երեխաներին պէտք է սովորեցնենք”,– ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։