Սեպտեմբեր 6-ին, կառավարութեան շէնքին մէջ Ազգային ժողովի «Ամառնային դպրոց» ծրագրի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անցնող երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու անվտանգութիւնը ապահովելու գործը վերապահուած է Հայաստանին:
“Վերջերս Ռուսաստանի Դաշնութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան (կ՚ակնարկէ Լաւրովին – «ՆՅ») յայտնեց, թէ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ գրուած է, որ Ադրբեջանի հիմնական հատուածի եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւնների անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն Ռուսաստանի Անվտանգային ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի ուժերը: Ես ուզում եմ ասել, որ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ նման բան չկայ գրուած: Դա պարզ տեքստ է, հրապարակային, ընդ որում, կարելի է բացել եւ կարդալ: Այնտեղ ընդհակառակը՝ գրուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է ապահովում, երաշխաւորում հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը”,– նշած է վարչապետը:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը տարածաշրջանային բոլո՛ր հաղորդակցութիւնները բանալու մասին է: “Եւ այստեղ կացութաձեւից կտրուած մեկնաբանութիւնները ոչ միայն օգուտ չեն տալիս, այլեւ վնասակար են: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակային եւ պաշտօնապէս ներկայացրել է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ եթէ որեւէ մէկը դէմ է այդ նախագծին, պէտք է բացատրի, թէ ինչո՞ւ է դէմ”,– յայտնած է Փաշինեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։