Search
Close this search box.

Փաշինեան հաստատած է, թէ ռուս սահմանապահները պիտի մեկնին Տաւուշէն

Ապրիլ 20-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած է, թէ Ազերպայճանի հետ սահմանազատումէն ետք ռուս սահմանապահները պիտի մեկնին Տաւուշի մարզէն։

«Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումին ի պատասխան վարչապետը նշած է. “Ռուսական յենակէտերը այնտեղ յայտնուել են մի իրադրութեան բերումով եւ այն ինչ տեղի է ունենում հիմա, ի հարկէ իրադրութեան էական փոփոխութիւն է եւ այդ փոփոխութիւնը պէտք է իր ազդեցութիւնը ունենայ բոլոր ուղղութիւններում։ Դա նշանակում է, որ մենք առաջնագիծ չունենք եւ մենք ունենք սահման, իսկ սահմանը խաղաղութեան նշան է, իսկ դա նշանակելու է, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանապահները իրար հետ փոխգործակցելով ինքնուրոյն ի վիճակի են լինելու իրականացնել սահմանի պահպանութիւնը”։

Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանապահ ծառայութիւններու ղեկավարները կապի մէջ են իրարու հետ եւ անոնք պէտք է պայմանաւորուին նաեւ այդ ծառայութիւնը իրականացնելու շուրջ։

Ինչ կը վերաբերի պաշտպանութեան ապահովման՝ ըստ վարչապետին՝ «դա արդէն բոլորովին ուրիշ խնդիր է»։

“Այստեղ խնդրում եմ սադրանքների չտրուել։ Մենք հիմա մեր պաշտպանական ծրագրերը հօ չենք փռելու սեղաններին եւ տեսախցիկների առաջ ցոյց տանք։ Բայց մեր ակնկալիքը եւ մեր ընկալումն այն է, որ մենք խաղաղութեան ենք գնում։ Սա նաեւ խաղաղութեան գործընթացի համար շատ կարեւոր անկիւնաքար է”,– ըսած է Փաշինեան։

Նշենք, թէ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկեյ Քոփիրքին նախապէս յայտարարած էր, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին ռուս սահմանապահներու դիտակէտերը տեղադրուած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անձնական խնդրանքով։ Ան նշած էր, որ անոնք 2020-ին տեղադրուած են Ռուսաստանի հաշուոյն Ազերպայճանի հետ սահմանի երկայնքին, իրավիճակի կայունացման նպաստելու համար։