Search
Close this search box.

Փաշինեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Միշէլի եւ Ռայիսիի հետ

Փաշինեան-Միշէլ հեռաձայնային զրոյց

Վարչապետը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազերպայճանի ձեռնարկած յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը: 

Շառլ Միշէլ նշած է, որ տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը այլընտրանք չունի և պատրաստակամութիւն յայտնած ջանքեր գործադրելու՝ հետագայ սաստկացումը կանխելու համար: 

Հեռաձայնային զրոյց նաեւ Ռայիսիի հետ

Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Վերջինս նշած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմը անընդունելի է եւ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն: Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ տարածաշրջանի բոլոր տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով, եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է: 

Ռայիսի շեշտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու խաղաղութեան հաստատման՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար: