Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 18-ին Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ կ՚ունենայ Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) լիագումար նիստին։ Լուրը կը հաղորդէ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահուհի Ռոպերթա Մեցոլա։
«Վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրեցի Հոկտեմբեր 18-ին ելոյթ ունենալու Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին։ Սա պահուս մենք կեդրոնացած ենք մարդասիրական խնդիրներու վրայ, թէ ինչպէ՛ս օգնել Հայաստանին՝ ընդունելու հազարաւոր գաղթականները, որոնք հարկադրաբար լքած են իրենց բնակավայրերը», ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։