Փաշինեան.– “Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման համածիրին մէջ առանցքային է կարգավիճակի հարցը”

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 10-ին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակիցները՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի, Տաճիկստանի Արտաքին գործոց նախարարները եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհ. քարտուղար Ստանիսլաւ Զասը:

Բացման խօսքին մէջ վարչապետը ըսած է, թէ ՀԱՊԿ-ն՝ անդամ երկիրներու անվտանգութեան ապահովման բնագաւառի կարեւորագոյն գործօններէն է. “Պէտք է ցաւով նշեմ, որ մեր կազմակերպութեան պատասխանատւութեան գօտիին մէջ իրավիճակը այնքան ալ կայուն չէ: Իմ կարծիքով, այս համածիրին մէջ պէտք է սերտօրէն համագործակցիլ, տեղեկատւութիւն փոխանակել, տագնապներու պարագային գնահատականներ ընել, ճգնաժամային իրավիճակները կանխարգիլելու եւ կառավարման համար նախատեսուած գործիքակազմերը անհրաժեշտ պահին գործարկելու համար”,– շեշտած է Փաշինեան։

Հանդիպումին վարչապետը անդրադարձած է տարածաշրջանային ընթացիկ իրավիճակին՝ խօսելով Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման, Ազերպայճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու և այլ քաղաքացիական անձանց վերադարձի մասին: Այս առումով, ան ընդգծած է միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը:

“Հայաստան շահագրգռուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումով, եւ բոլոր ճանապարհները, որոնք պիտի բացուին, պէտք է գործեն ա՛յն երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ, որոնց տարածքով կ՚անցնին. «միջանցքային» որեւէ տրամաբանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ այս համընդհանուր ընկալում է”,– յայտնած է ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը։ Ան՝ Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման շրջածիրին մէջ առանցքային համարած է ԼՂ-ի կարգավիճակի հարցը, եւ ընդգծած որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով, Մինսքի խումբի համանախագահութեան լիազօրութեամբ:

ՀՀ վարչապետը դիտել տուած է, թէ տակաւին չէ լուծուած 2021 Մայիսէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածք՝ Ազերպայճանի զօրքերու ներխուժման հարցը եւ այդ կապակցութեամբ Հայաստան դիմած է ՀԱՊԿ-ին: Այս  հարցին շուրջ մտքերու փոխանակում եղած է ՀԱՊԿ-ի մնայուն դիտարկման եւ արագ հակազդեցութեան գործիքակազմերը բարելաւելու շուրջ։ “Այդ մէկը կը բարձրացնէ Կազմակերպութեան գործունէութեան եւ անդամ երկիրներու անվտանգութեան մարտահրաւէրներու լուծման արդիւնաւէտութիւնը”,– նշած է Փաշինեան:

Խմբագրական