Search
Close this search box.

Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը՝ «Քուրպան պայրամը»-ի առիթով

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահին հետ եւ շնորհաւորած Էրտողանը՝ «Քուրպան պայրամը»-ի (Մատաղի տօն) առիթով։ 

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահն ալ շնորհաւորած է Փաշինեանը՝ գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնին կապակցոութեամբ։

Երկու ղեկավարները ընդգծած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի կարեւորութիւնը, որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։

Այս համածիրին մէջ անոնք կ՚ակնկալեն, որ Յուլիս 1-ին կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին կայացած համաձայնութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին:

Նշենք որ՝ այս մէկը առաջին ուղղակի զրոյցն էր երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք.– “Փաշինեան–Էրտողան հեռառաձայնային զրոյցը խաղաղութեան վերաբերեալ մեր յոյսերը ծաղկեցնող տօնական նուէր մըն է”

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին կատարած գրառումով արձագանգած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Յուլիս 11-ին ունեցած հեռաձայնային զրոյցին:

Գրառման մէջ նշուած է.- 

«Թուրքիոյ նախագահ վսեմաշուք Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ մեծայարգ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցը եղաւ խաղաղութեան վերաբերեալ մեր յոյսերը ծաղկեցնող տօնական նուէր մը մեր աշխարհին համար, որ վրդովուած է պատերազմի լուրերով։

Աղօթող եմ որ շահի՛ն դիւանագիտութեան խաղաղարար միջոցները, եւ ո՛չ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը: Այս հեռաձայնային զրոյցը կը մաղթեմ որ առիթ կը հանդիսանայ բարեկամական նոր էջ մը բանալու հազարամեայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ»:

Կարօ Փայլանի թուիթը

Թուրքիոյ Ազգային ժողովի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան եւս ողջունած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն նշեալ զրոյցը եւ կատարած՝ հետեւեալ գրառումը, «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին.-

 

«Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը յուսամ պիտի արագացնէ երկու երկիրներու միջեւ ընթացող բնականոնացման ընթացքը»։