Պելառուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Վարչապետի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ քննարկուած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 23-ին Պելառուսի մայրաքաղաք Մինսքի մէջ կայանալիք նիստի կազմակերպման հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան իր խօսակիցին տեղեկացուցած է, որ պիտի չկարենայ մասնակցիլ նիստին եւ յոյս յայտնած, որ ՀԱՊԿ-ի գործընկերները ըմբռնումով կ՚ընդունին այդ որոշումը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։