Փաշինեան.– “Ցարդ զոհերուն թիւը 135 է եւ ցաւօք այդ թիւը տակաւին վերջնական չէ”

Սեպտեմբեր 16-ին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին, վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ ցարդ զոհերուն թիւը 135 է եւ ցաւօք այդ թիւը տակաւին վերջնական չէ։ Ան աւելցուցած է, որ ունինք նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներ։

Միւս կողմէ, «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի երեսփոխան Անդրանիկ Քոչարեան լրագրողներուն հաղորդած է, թէ զոհերէն զատ ունինք անհետացածներ եւս՝ անծանօթ թիւով, եւ զանոնք յայտնաբերելէ կամ ճշդելէ ետք յայտնի կ՚ըլլայ զոհերու, անհետացածներու կամ գերեվարուածներու յստակ թիւը: 

“Թիւն ամբոջութեամբ չի հրապարակւում, որովհետև հրապարակուածների մէջ կան դիակներ, որոնք գտնւում են այնպիսի տարածքում, որը դեռ մեր հսկողութեան տակ չի գտնւում”,–ըսած է Քոչարեան։