Փաշինեան Փութինին ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ուղղութեամբ Ազերպայճանի գրգռիչ գործողութիւնները

Սեպտեմբեր 13-ի ազերպայճանական յարձակումէն ետք՝ վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ:

Փաշինեան մանրամասնութիւններ հաղորդած է ազերպայճանական ուժերուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ուղղութեամբ սանձազերծած գրգռիչ, յարձակողական գործողութիւններուն վերաբերեալ:

Փաշինեան անթոյլատրելի համարած է ազերպայճանական կողմի գործողութիւններն ու ընդգծած է միջազգային հանրութեան կողմէ արժանի հակազդեցութեան կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները համաձայնած են մնալ մշտական կապի մէջ: