Փաշինեան-Փութին հեռաձայնային զրոյց

 

ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երկու ղեկավարները անդրադարձած են հայ-ռուսական երկկողմ օրակարգին, տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:

Քննարկուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի առաջնորդներու 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործման ընթացքը:

Երկուստեք գաղափարներ փոխանակած են Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շուրջ:

Ըստ Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան Փութինին տեղեկացուցած է վերջին շրջանին Հայաստանի եւ  Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած շփումներու մասին։