2024 Հոկտեմբերին կայացած երկկողմ վերջին հանդիպումէն ետք, Յունուար 17-ին առաջին անգամ Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։
Եթէ Երեւան՝ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ բաւարարուած է միայն ընդհանուր տեղեկութիւններ հաղորդելով, թէ՛ «ղեկավարները քննարկած են Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակին մէջ Հայաստանի յառաջիկայ ընելիքները, ինչպէս նաեւ երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր», ապա Մոսկուա նախ տեղեկացնելով, որ հեռաձայնային զրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, հաղորդած է. «Փաշինեան Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու կացութաձեւին առումով պարզաբանած է Երեւանի վերջին քայլերը, իսկ Փութին համապատասխան գնահատականներ տուած ու մեկնաբանութիւններ ըրած է»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։