Փաստաբան.– “Ոստիկանները տարին «Սասնայ ծռեր» խումբին անդամները. սա կը նշանակէ՝ դատավճիռը ուժի մէջ մտած է”

Փաստաբան Մուշեղ Շուշանեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ Մայիս 28-ին ոստիկանութիւնը՝ բաժնի պետի գլխաւորութեամբ, առանց հիմք եւ պատճառ նշելու, «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամներ՝ Սեդրակ Նազարեանն ու Վարուժան Աւետիսեանը իրենց բնակարանէն տարած է Երեւան։

Այնուհետեւ յայտնի դարձած է, որ Գագիկ Եղիազարեանն ու Պաւլիկ Մանուկեանն ալ ոստիկաններու միջոցաւ փոխադրուած են Երեւան։

“Իսկ սա նշանակում է, որ «Սասնայ ծռեր»-ի նկատմամբ դատավճիռը մտել է ուժի մէջ, եւ տղաներին վերադարձնում են բանտ”,– ըսած է փաստաբանը։ ■