Փարիզեան շրջան Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ հիմնուած է ՀՅԴ «Արտակ Իշխանեան» պատանեկան միութիւնը։
Արտակ Իշխանեան անդամ էր Ստեփանակերտի«Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան և ՀՄԸՄ Արցախի միաւորի վարչութեան։
Ան նահատակուած է 2020 Հոկտեմբեր 31-ին, Արցախի Մարտունի քաղաքի մօտակայքը։ Յետմահու պարգեւատրուած է Մարտական Խաչ 2-րդ աստիճանի շքանշանով։
Իշխանեանի մարմինը ամփոփուած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ։
Ան՝ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի եղբօրորդին է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։