Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան կ՚արտասանէ իր խօսքը. կողքին՝ գիրքին հրատարակիչը՝ Արա Գրիգորեան
Դեկտեմբեր 13-ին, Շաւիլի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի « Les “Justes” face au génocide des Arméniens » գիրքի շնորհահանդէսը։
Հրայր Հրաչեան հակիրճ ներկայացնելով հեղինակը՝ որպէս բանաստեղծ, մանկավարժ, հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր (Սորպոն համալսարան), Փարիզի «Մաշտոց» Հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութեան նախագահ, շարք մը հատորներու հեղինակ, զայն բարձր գնահատեց յատկապէս հայապահպանութեան գծով տարած աշխատանքներուն համար։
Յաջորդեց՝ գիրքին հրատարակիչ Արա Գրիգորեանի խօսքը։ Ան ըսաւ, թէ սոյն հատորը մեծապէս պիտի հետաքրքրէ ընթերցողը, քանզի անմիջական կապ ունի Ցեղասպանութիւն ապրած հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ, որուն դէմ-յանդիման՝ համաժողովրդական ճանաչման արժանացած արդարներու պայքարն է։ Երէկուան արդարներու կողքին, ծաւալուն տեղ յատկացուած է նաեւ նորերուն, այսօրուան արդարներուն, որոնց խօսքը լսելի պէտք է դարձնել աշխարհին։
Արա Գրիգորեան նշեց, որ այս գիրքին Նախաբանը ստորագրող պատմաբան, ցեղասպանագէտ, բազմաթիւ հրատարակութիւններու հեղինակ Վենսան Տիւքլէռ բարձր կը գնահատէ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի այս գործին բերած նորութիւնը, որ կը վերաբերի ցեղասպանութեան արարքին քիչ ծանօթ կողմերուն, տարբեր երեսակներուն:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ հեղինակը եւ ներկայացուց իր մօտեցումները. ան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութեան պատմականին հետ զուգահեռ նշուած է բռնակալ եւ ոճրագործ թուրքերու կողքին արդա՛ր թուրքերու ալ գոյութիւնը եւ պայքարը, երէկ՝ 1915-ին եւ այսօր: Անցեալի փրկարարներուն եւ ոճիրներուն ընդդիմացողներու կողքին նոյնքա՛ն յարգանքի արժանի են ներկայ թուրք մտաւորականները, արուեստագէտները, գրողները, ֆիլմ արտադրողները, որոնք կը դիմադրեն այժմու թուրք կառավարութեան Ժխտողական քաղաքականութեան: Անոնցմէ ոմանք ցմահ բանտարկուած են, իսկ ուրիշներ ապաստան գտած օտար երկիրներու ափերուն: Ցոյցերով, յօդուածներով, գիրքերով ու դասախօսութիւններով իրենց ցասումը կ՚արտայայտեն, թուրք կառավարութենէն պահանջելով գործուած ոճիրները կոչել իրենց անունով: Այս գիրքը պատմական փաստերով, անհատներու անուններով, դիմանկարներով, իրադարձութիւններու ժամանակագրական կարգով եւ լուսանկարներով երախտագիտութեան բաց նամակ մըն է ուղղուած բոլոր այն անհատներուն, որոնք յանուն արդարութեան պայքար կը մղեն մեզի հետ եւ մեր կողքին:
Շնորհահանդէսին ներկայ էր Շաւիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գուրգէն վրդ. Աղապապեան. ան իր խօսքին մէջ յատկապէս նշեց. “Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը ես գիտէի իբրեւ բանաստեղծ, հոգեբան, հայոց լեզուի պահպանութեան ու պաշտպանութեան նուիրեալ, իսկ այսօր ունկնդրելով զինք, թերթատելով այս գիրքը, պէտք է ըսեմ, որ ան նաեւ պատմաբան է։ Իր ընդարձակ մատենագիտութեամբ այս հատորը վաւերագրական արժէք ունի եւ օգտակար՝ բոլորին”։
Երեկոյթը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Եւ ահա ընթերցողի սեղանին է գիրք մը եւս, ուր կ՚ուրուագծուի մարդ-անհատի,– անկախ ազգային պատկանելիութենէն,– քաջութիւնն ու համարձակութիւնը՝ յանուն արդարութեան։
Անկեղծ ըլլալով պէտք է խոստովանիմ, որ տակաւին չեմ կրցած այս գիրքը ամբողջութեամբ կարդալ, սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը նոյնիսկ թերթատելով էջերը պատկերացում մը կ՚ունենայ բովանդակութեան մասին։
Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ կու տայ « Les “Justes” face au Génocide des Arméniens » խորագիրը կրող այս գիրքը համաշխարհային աղէտներու, պատերազմներու այս դարաշրջանին, երբ տակաւին անմեղ մարդիկ կը զոհուին, բռնի կը տեղահանուին, մինչ 109 տարուան մեր արդար պայքարէն ետք, ոչ միայն Թուրքիա չէ ճանչցած Հայոց ցեղապանութեան փաստուած իրողութիւնը, այլեւ կորսնցուցինք Արցախը։
Ճշմարտութեան պարտադրանքով ըսեմ, որ նման վաւերագրական գիրքերը մեր պատմութեան կարեւոր ու անհրաժեշտ փաստարկներն են, որոնց միջոցով է որ կը կարողանանք մեր ձայնը լսելի դարձնել։
Անտարբերութիւնը չարիք է, որու հետեւանքով ալ կորսնցուցինք մեր չքնաղ Արցախը։
Շնորհակալութիւն յայտնենք գիրքին հեղինակ Հիլտա Գալֆայեան- Փանոսեանին, հրատարակիչ Արա Գրիգորեանին եւ նախաբանը գրող պատմաբան Վենսան Տիւքլէռին, նման ծաւալուն եւ արժէքաւոր գիրք հրատարակելնուն, հին ու նոր արդարներու պայքարին ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելնուն համար, որ յարգանքի տուրք է բոլոր անոնց, որոնք առանց սահմաններու, նոյնիսկ մահը աչքի առնելով, ճշմարտութեան նուիրած են իրենց կեանքը։
ԱՆԺԵԼԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։