Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Պարգեւներ՝ հայերէնի լաւագոյն աշակերտներուն

Արնու­վի­լի Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի մա­տակա­րար մար­մի­նէն չորս նուիրեալ­ներ՝ Սեդ­րակ Այ­տին, Կա­րօ Կա­րապե­տեան, Մով­սէս Մար­տի­րեան եւ Ար­թուն Սո­ժի ան­ցեալ տա­րուը­նէ ի վեր վե­րակեն­դա­նացու­ցած են եր­ջանկա­յիշա­տակ Շնորհք Պատ­րիար­քի նա­խաձեռ­նած՝ հա­յերէ­նը քա­ջալե­րող աւան­դութիւ­նը:

Մե­ծար­գոյ բա­րերար­նե­րը Սուրբ Սա­հակի եւ Սուրբ Մես­րո­պի քան­դակ-ոս­կե­մետա­լով կը պար­գե­ւատ­րեն փա­րիզեան շրջա­նի հայ­կա­կան ամէ­նօրեայ չորս վար­ժա­րան­նե­րու հա­յերէ­նի լա­ւագոյն աշա­կեր­տը:

Կի­րակի, Յու­նիս 30-ին Ֆրան­սա­յի թե­մի առաջ­նորդ Գրի­գոր վրդ. Խա­չատ­րեանի եւ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­հի Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեանի ներ­կա­յու­թեան շնոր­հուեցաւ ոս­կե­մետալ մը Դպրո­ցասէր վար­ժա­րանի աշա­կերտնե­րէն Սիլ­վա Պաղ­տա­սարեանին, ինչպէս նաեւ Նոր­վան արք. Զա­քարեան նուիրուեց «Պա­տարա­գամա­տոյց Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ» գիր­քը կրթա­կան նոյն հաս­տա­տու­թեան աշա­կերտնե­րէն Էտուարտ Խա­չատ­րեանին:

Շնոր­հա­կալու­թիւն բա­րերար­նե­րուն եւ Նոր­վան Սրբա­զանին:

Կը շնոր­հա­ւորենք Սիլ­վան եւ Էտուար­տը: ■