Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ-ՌԵՆՍԻ – «Դպրոցասէր»-ի յարկին տակ՝ Մելինէ Մանուշեանի յուշատախտակին բացման հանդիսութիւնը

Յունուար 27-ին, Փարիզեան արուարձաններէն Ռենսի քաղաքը գտնուող «Դպրոցասէր» վարժարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժումի հերոս, 1926-1931 տարիներուն վարժարանի աշակերտ Մելինէ Մանուշեանի անունը կրող յուշատախտակին։ 

Երեկոյթին ելոյթներով հանդէս եկան դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ռենսիի, Լիվրի-Կարկանի, Կանյիի քաղաքապետեր՝ Ժան-Միշէլ Ժընէսթիէ, Փիէր-Իվ Մարթէն, Ռոլէն Գրանոլի եւ դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աղաւնի Սարիքայա։ 

Հանդիսութեան ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը՝  աշակերտներ, ծնողներ՝ տնօրէն Հայկ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, շրջակայ քաղաքներէն՝ քաղաքային խորհուրդի անդամներ։

Իր ելոյթին Հայաստանի դեսպանուհին խորհրդանշական համարեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած Մելինէ Մանուշեանի յուշատախտակին բացումը Ֆրանսայի ամէնէն հին հայկական կրթական հաստատութեան մէջ, որ 1920-էն ի վեր, ֆրանսական իշխանութիւններու հոգածութեամբ Կոստանդնուպոլսէն Ֆրանսա փոխադրուելէ ետք, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է բազմաթիւ հայորդիներ կրթելու գործին մէջ, որոնց մէջ նաեւ Մելինէ Մանուշեանը։ 

Յուշատախտակի բացման արարողութեան յաջորդեց Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի յիշատակը ոգեկոչող հանդիսութիւն՝ «Դպրոցասէր»-ի աշակերտներուն մասնակցութեամբ, իսկ այնուհետև պատմաբան Գլէր Մուրատեան ներկայացուց իր հեղինակած «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած երկու որբեր՝ ընդգրկուած Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժումին մէջ» հատորը։