Search
Close this search box.

Փարիզի քաղաքապետարանի օգնութիւնը՝ Արցախէն տեղահանուածներուն

Փարիզի քա­ղաքա­պետու­հիի առա­ջին կցորդ Առ­նօ Նկա­չա X ըն­կե­րային ցան­ցի իր հա­շիւին տե­ղադ­րած պատ­գա­մով կը տե­ղեկաց­նէ, թէ մայ­րա­քաղա­քիս քա­ղաքա­պետա­րանը 50.000 եւ­րօ նպաստ կը յատ­կացնէ Ար­ցա­խէն տե­ղահա­նուած­նե­րուն։

Նկա­չա իր գրառ­ման մէջ կ՚ըսէ.

«Փա­րիզ՝ ազեր­պայճա­նական յար­ձա­կու­մէն խոյս տո­ւած Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի գաղ­թա­կան­նե­րուն ի նպաստ 50.000 եւ­րօ օգ­նութեան առա­ջար­կը որ­դեգրե­լով՝ ան­գամ մը եւս ցոյց կու տայ իր ան­խախտ աջակ­ցութիւ­նը հայ ժո­ղովուրդին։

Փարիզ միշտ պիտի ըլլայ ձեր կողքին»։