Search
Close this search box.

Փարիզի քաղաքապետուհիին հանդիպումը Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ

«Դեկտեմբեր 10-ին Արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն կը յանձնեմ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութիւն»

Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ Նոյեմբեր 6-ին հանդիպում ունեցած է  Պատժական միջազգային ատեանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ։ Այս կապակցութեամբ ան X-ի իր էջին գրած է.

«Հայաստանի մէջ ողբերգութիւնը կը շարունակուի։ Ազերպայճան յանցաւոր է Արցախի նախկին պաշտօնատարները կամայականօրէն բանտարկելուն եւ այդ տարածաշրջանի հայկական ժառանգութիւնը ոչնչացնելուն համար։

Ես հանդիպում ունեցայ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ։ Մեր մտածումները զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն, 100 հազար գաղթականներուն եւ Ազերպայճան գտնուող քաղաքական բանտարկեալներուն հետ են։ Դեկտեմբեր 10-ին՝ Մարդկային իրաւանց միջազգային օրուան առիթով, Արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն պիտի յանձնեմ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութիւն:

Փարիզ  կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Ազերպայճանի բանտարկած բոլոր հայ գերիները»։