Search
Close this search box.

Փարիզի Ֆիլհարմոնիայի «Հայաստանեան շաբաթավերջը»

«Հնդեւրո­պական քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու օր­րան՝ Հա­յաս­տան, որ­քան հա­րուստ, այնքան ալե­կոծ պատ­մութիւն ու­նե­ցող եր­կիր է։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը այ­սօր կը տա­րածուի պատ­մա­կան հայ­կա­կան տա­րած­քի միայն մէկ տաս­նե­րոր­դին վրայ եւ հա­յերու մեծ մա­սը կ՚ապ­րի ներ­կա­յիս երկրէն դուրս։ Այս սփիւռքի մե­ծամաս­նութիւ­նը ձե­ւաւո­րուած է Առա­ջին հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի ըն­թացքին երիտթրքա­կան ազ­գայնա­կան շար­ժումի կազ­մա­կեր­պած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յե­տոյ։ Իր մշա­կոյ­թին հետ կա­պը աւե­լի էական բնոյթ ստա­ցած է այս ժո­ղովուրդին հա­մար, որ “հո­գեպէս յա­րատե­ւօրէն հա­լածուած է բռնագ­րա­ւուած եւ ար­գի­լուած հայ­րե­նիքի եր­բեք չնուազող կա­րօտով”,– կը գրէ Գլէր Մու­րա­տեան։ «Շա­բաթա­վեր­ջը, զոր ֆիլ­հարմո­նիան կը նուիրէ Եւ­րո­պայի եւ Ասիոյ մի­ջեւ գտնուող այս երկրին, կա­րելիու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ բա­ցայայ­տե­լու թէ՛ անոր երաժշտա­կան ժա­ռան­գութիւ­նը, թէ՛ ալ անոր խա­չաձե­ւումնե­րը այլ մշա­կոյթնե­րու հետ իր տա­րագ­րութեան ըն­թացքին, ինչպէս նաեւ անոր ժա­մանա­կակից ար­տա­յայ­տութիւննե­րը»։ 

Այս տո­ղերով կը բնու­թագրէ Փա­րիզի ֆիլ­հարմո­նիան՝ շար­ժա­ռիթը իր նա­խաձեռ­նութեան, զոր կո­չած էր «Հա­յաս­տա­նեան շա­բաթա­վերջ», որ կը տա­րածուէր չորս օրե­րու վրայ՝ Սեպ­տեմբեր 26-29։ Համերգները տեղի ունեցան Փարիզի «Երաժշտութեան ոստան»-ի (« Cité de la Musique ») ծայրէ-ծայր լեցուն սրահներու մէջ։

Ինչպէս վերեւ նշուած թուականներէն ի յայտ կու գայ, հա­կառակ այս «շա­բա­թա­վերջ» անուանու­մին, նա­խա­ձեռ­նութիւ­նը սկսաւ Հինգշաբ­թի, Սեպ­տեմբեր 26-ին իսկ. յա­ջոր­դա­բար ելոյթ ու­նե­ցան «Ոս­տան» եւ «Նա­ղաշ» հա­մոյթնե­րը, յատ­կա­պէս ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան դու­դուկի հմայ­քը։

Ուրբաթ, Սեպ­տեմբեր 27-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մայ­րիկ» խո­րագ­րեալ երե­կոյ­թը՝ սե­նեկա­յին երաժշտու­թեամբ, որու ըն­թացքին ջու­թա­կահար Դա­ւիթ Յա­րու­թիւնեան ներ­կա­յացու­ց Կո­միտա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծութեանց հիմ­քով՝ իր «Մայ­րիկ» յօ­րինու­մը։ Անոր ըն­կե­րակ­ցեցան թաւ­ջութա­կով՝ Աստղիկ Սի­րանո­սեան, դաշ­նա­կով՝ Ժե­նիա Մա­լիարե­ւիչ եւ մեց­ցօ սոփ­րա­նօ Եւա Զա­յիչիք։ Երե­կոյ­թի երկրորդ բաժ­նին ելոյթ ու­նե­ցաւ հան­րա­ծանօթ ճազ յօ­րինող, դաշ­նա­կահար Տիգ­րան Հա­մասեան, որ չորս երա­ժիշտնե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ հրամ­ցուց «The Bird of a Thousand Voices» իր հա­մադ­րումը, յատկապէս ներշնչուած՝ «Հա­զարան բլբուլ» պա­տու­մէն։ 

Յա­ջորդ օր ալ երի­տասարդ դաշ­նա­կահար Ժան-Փօլ Գաս­պա­րեան յար­գանքի տուրք մա­տու­ցեց մասնաւորապէս Կո­միտաս Վար­դա­պետին, իր բա­ցառիկ կա­տարո­ղու­թեամբ։ Հա­զիւ քսա­նամեայ արուեստագէտը մեկ­նա­բանեց նաեւ Առ­նօ Բա­բաջա­նեանէն, Արամ Խաչատրեանէն եւ իր հօրմէ՝ Ժերար Գասպարեանէն գոր­ծեր։ 

Երե­կոյ­թի երկրորդ բա­ժինին ելոյթ ու­նե­ցաւ «Լա­մու­րէօ» նուագա­խումբը։ Յայ­տա­գիրը յատ­կա­ցուած էր մեծն Շառլ Ազ­նա­ւու­րին, որուն ամէ­նէն ծա­նօթ գոր­ծե­րը ներ­կա­յացուեցան սին­ֆո­նիք շունչով, կա­տարո­ղու­թեամբ ֆրան­սա­կան բե­մի ծա­նօթ եր­գիչնե­րու՝ Եաէլ Նաիմի, Քե­րէն Ան­նի, Օքսմօ Փուչչի­նոյի, Զա­զի, Շառ­լի Ուինսթո­նի, դաշ­նա­կով ըն­կե­րակ­ցութեամբ ծա­նօթ արուես­տա­գէտ Էրիք Պեռ­շո­յի, որ աշխարհառչակ երգիչին դաշնակահարն էր։ Նշենք, որ այս յայ­տա­գիրը որոշ փո­փոխու­թիւննե­րով ներ­կա­յացուեցաւ նաեւ յա­ջորդ օր։ 

Կի­րակի, Սեպ­­տեմբեր 29-ին, Հա­­յաս­­տա­­­նի ազ­­գա­­­յին սին­­ֆո­­­նիք նո­ւագա­­խումբը, ղե­­կավա­­րու­­թեամբ հան­­րա­­­ծանօթ Սեր­­կէյ Սմբա­­տեանի եւ մաս­նակցու­թեամբ թաւ­ջութա­կահա­րու­հի Աստղիկ Սի­րանո­սեանի, փա­­ռաւոր հա­մերգ մը ներ­կա­յացու­ց, որու յայտագիրը բաղ­կա­ցած էր Արամ Խա­չա­րեանի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րէն։ Անոր «Մաս­քա­րատ»-ը, «Գա­յիանէ»-էն, «Սփար­թա­քիւս»էն հատուածները, «Թաւ­ջութա­կի եւ նուագա­խումբի հա­մար գոն­չերթօ-ռափ­սո­տի»-ն… հե­զասա­հօրէն իրա­րու յա­ջոր­դեցին, առինքնելով ունկնդի­րը։ 

Հա­յաս­տա­նի նուիրուած այս օրե­րու ծրագ­րին մաս կը կազ­մէր նաեւ կլոր-սե­ղան մը «Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­մը. դա­րերու պայ­քար մը» խո­րագ­րով, որուն մասնակցեցաւ, ի շարս այ­լոց, ԻՆԱԼ­ՔՕ-ի մէջ հայ­կա­կան ուսմանց պա­տաս­խա­նատու Անա­հիտ Տօ­նապե­տեան։

Յի­շեց­նենք, որ այս նա­խա­ձեռ­նութեան ծի­րին մէջ վաս­տա­կաշատ խմբա­վար, եր­գա­հան Կար­պիս Ափ­րի­կեա­նին շնոր­հուեցաւ Փա­րիզի քա­ղա­քա­պետա­րանի «Մեծ վեր­մէյլ» շքան­շա­նը, ձեռամբ քաղա­քապետուհի Անն Հիտալ­կոյի առաջին կցորդ Առնօ Նկաչայի։

Եւ քա­նի որ խո­հանո­ցը ան­բա­ժան մէկ մասն է մշա­կոյ­թին, այս առի­թով հրա­ւիրուած էր հան­րա­ծանօթ խո­հարա­րու­հի, «Մի­շըլէն»-էն «աստղեր խլած» Ժիւ­լիա Սե­տեֆ­ճեան, որ Շա­բաթ իրի­կուն Ֆիլ­հարմո­նիայի ճա­շարա­նին մէջ, հինգ յա­ջոր­դա­կան սպար­կութեամբ ներ­կա­ներուն հրամ­ցուց հայ­կա­կան դա­սական ճա­շատե­սակ­նե­րու՝ նո­րարա­րու­թիւննե­րով հա­մեմուած իր «յօ­րինումները»։

Թ.Շ. ■