Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Դեսպան Խաչատրեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Ֆրանսայի նախագահին

Դեկտեմբեր 13-ին, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին:

Արարողութեան յաջորդած առանձնազրոյցին նախագահ Մաքրոն շնորհաւորած է Արման Խաչատրեանը՝ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի նպաստ երկու երկիրներու միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ բարեմաղթանքներուն համար եւ ընգծելով երկկողմ գործակցութեան համար ջանքեր գործադրելու իր պատրաստակամութիւնը՝ դեսպանը վերահաստատած է Հայաստանի կառավարութեան փափաքը՝ ընդլայնելու ու զարգացնելու բարեկամ Ֆրանսայի հետ ռազմավարական գործընկերութեան բարեփոխուած յարաբերութիւնները։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն, տարածաշրջանին մէջ մնայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ գործադրուող շարունակական ջանքերու վերաբերեալ։