Ֆրանսայի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է կառավարութեան անդամներ՝ Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէի եւ Կիյոմ Գասպարեանի հետ։
Հանդիպումին Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարներուն՝ թէ՛ օրէնսդիր, թէ՛ գործադիր մարմիններու մէջ իրենց գործունէութեան ընթացքին ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերուն համար։
Իրենց կարգին, նախարարները բարձր գնահատած են Հայաստանի դեսպանին հետ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը եւ ընդգծած վերջին տարիներուն ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ արձանագրուած նշանակալի նուաճումները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։