Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի հրաժեշտի հանդիպումները՝ ֆրանսացի քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերու հետ

Ֆրանսայի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան կը շարունակէ հրաժեշտի հանդիպումներ ունենալ ֆրանսացի քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերու հետ։ Տիկին Տոլմաջեան տեսակցած է Օվերնեը–Ռոն Ալփ շրջանի նախկին նախագահ, ներկայիս՝ խորհրդական, Ազգային ժողովի մէջ «Հանրապետական» խմբակցութեան նախագահ Լոռան Վոքիէզի եւ Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահուհի Վալերի Փեքրէսի հետ։

Լոռան Վոքիէզի հետ տեսակցութեան ընթացքին Տիկին Տոլմաջեան երախտագիտութիւն յայտնած է վերջինիս՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալուն եւ ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ անոր սկզբունքային յանձնառութեան համար, որու վկայութիւնն է նաեւ վերջինիս ղեկավարութեամբ Ֆրանսայի Օվերնեը–Ռոն Ալփ շրջանի եւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի միջեւ հաստատուած բացառիկ համագործակցութիւնը։ Դեսպանը պարոն Վոքիէզին յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Նոյեմբեր 20-22 Լիոնի մէջ տեղի ունենալիք «Օվերնեը–Ռոն Ալփ-Հայաստան-Սիւնիք բարեկամութեան օր»-ուան նախաձեռնութեան համար։

Լոռան Վոքիէզ իր կարգին բարձր գնահատած է տարիներու ընթացքին Հայաստանի դեսպանին հետ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած աշխուժ համագործակցութիւնը եւ անոր մաղթած յաջողութիւն՝ իր հետագայ դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։

Վալերի Փեքրէսի հետ հանդիպումին դեսպանուհի Տոլմաջեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի Շրջանային խորհուրդին կողմէ ի շահ հայ ժողովուրդին ընդունուած բանաձեւերուն եւ կեանքի կոչուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն համար։

Իր կարգին Տիկին Փեքրէս դրուատած է Հայաստանի դեսպանին մեծ ներդրումը՝ ֆրանքեւհայկական բարեկամական յարաբերութիւնները սերտացնելու ուղղութեամբ եւ առ այդ տիկին Տոլմաջեանը պարգեւատրած է Շրջանի «Պատուոյ մետալ»-ով։

Տիկին Տոլմաջեան ընդունուած է նաեւ առաջին տիկին՝ Պրիժիթ Մաքրոնի կողմէ։ Այս առթիւ դեսպանուհին կը գրէ.

«Իմ սրտանց շնորհակալութիւնը տիկին Պրիժիթ Մաքրոնին՝ մեկնումէս առաջ ջերմ ընդունելութեան, շահեկան փոխանակումներուն եւ իր անկեղծ նուիրումին համար՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, որոնք հիմնուած են երկու ժողովուրդները միաւորող ամուր եւ իւրայատուկ բարեկամութեան վրայ»։