Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ. Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հանդիպումը իր պաշտօնակից Անն Հիտալկոյի հետ

 

Փարիզն ու Երեւանը կը վերահաստատեն իրենց երկարատեւ եւ ամուր կապերը: Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ հիւրընկալած է Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը։

Հանդիպումին կողմերը նախանշած են այն առաջնահերթութիւնները, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի վերածուին գործնական ծրագրերու: Մասնաւորապէս, համաձայնութիւն կայացած է մշակութային, կանաչապատման բնագաւառներու մէջ գործակցութեան ընդլայնման ու երիտասարդական կեդրոններու ստեղծման շուրջ: Փարիզի քաղաքապետը ընդգծած է, որ Սարգսեանի այցելութիւնը շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու նոր խթան կը հանդիսանայ:

Տեսակցութեան աւարտին Երեւանի քաղաքապետը տիկին Հիտալկոյին նուիրած է տաղանդաւոր գեղանկարիչ Մարտին Ակողլեանի «Սարերում» կտաւը, զոր արուեստագէտը յատկապէս Փարիզի քաղաքապետուհիին համար ստեղծագործած է։ Հոն պատկերուած է հայկական աւանդական պարը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պայքարող ու յաղթող ընդհանրական կերպարը: