Նոյեմբեր 27-ին, Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է մեծարման երեկոյթ մը՝ նուիրուած Երուանդ Քոչարի եւ Սերգեյ Փարաճանովի, յաջորդաբար՝ անոնց ծննդեան 125-ամեակին եւ 100-ամեակին առիթով։
Յոբելինական ձեռնարկին ցուցադրուած են Քոչարի՝ «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ պահուող երկու ստեղծագործութիւնները եւ Փարաճանովի «Աշուղ Ղարիպ» ժապաւէնը։
Ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնի նախագահ Լոռան Լը Պոն, Փարիզի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի տնօրէն Զաւիէ Ռէ, Քոչարի հարազատներն ու այլ հիւրեր։
Աւարտին տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։