Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ. ԻՆԱԼՔՕ-ի հիմնադրամի բացման պաշտօնական արարողութիւնը

Յունիս 16-ին, տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական հիմնարկին (INALCO/ԻՆԱԼՔՕ) կից՝ Ինալքօ-ի հիմնադրամի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Հիմնադրամը կը գտնուի Ինալքօ-ի պատմական շէնքին մէջ եւ ստեղծուած է ակադեմական ծրագրեր գանձատրելու նպատակով։ 

Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են բազմաթիւ հիւրեր, այդ կարգին՝ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, օտար երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ, պետական համակարգի ներկայացուցիչներ, համալսարանականներ, գիտական աշխարհի ներկայացուցիչներ, Ինալքօ-ի նախկին շրջանաւարտներ հանդիսացող Ֆրանսայի և այլ երկիրներու պետական, քաղաքական գործիչներ։   

Պաշտօնական ելոյթներով հանդէս եկած են Ինալքօ-ի տնօրէն Ժան-Ֆրանսուա Հիւշէ, Հիմնադրամի նախագահ Ֆիլիփ Ատվանի: Վերջիններս, ի միջի այլոց, անդրադարձած են նաեւ  Ինալքօ-ի հայագիտութեան դասաւանդման, նշելով թէ՝ հաստատութեան մէջ հայերէնը կը հանդիսանայ հիմնադիր չորս լեզուներէն մէկը եւ կը դասաւանդուի գրեթէ Հիմնարկի ստեղծումէն՝ 1798-էն ի վեր։ Բանախօսները ընդգծած են, որ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը կը շարունակէ վայելել հաստատութեան վարչակազմին եւ դասախօսական անձնակազմին լայն աջակցութիւնը։ 

Երեկոյթի ընթացքին ներկայացուած համերգին, տարբեր մշակոյթներու երաժշտական ստեղծագործութիւններու հետ միատեղ, հնչած են նաեւ հայկական ժողովրդական գործիքներու կատարողութեամբ հայկական ազգային մեղեդիներ։