ՓԱՐԻԶ. ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ ՀՀ մնայուն ներկայացուցիչ.– “Բռնի տեղահանման հետեւանքով լուրջ վտանգ կը սպառնայ նաեւ Արցախի բնակչութեան մշակութային ժառանգութեան”

Յուլիս 5-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան» համաձայնագրին վերաբերեալ համաժողովին ելոյթ ունեցած է ՀՀ մնայուն ներկայացուցիչ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան։

Ան գոհունակութիւն յայտնած է ՀՀ Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան պահպանման նպատակով միջազգային աջակցութիւն տրամադրելու որոշումին կապակցութեամբ, ընդգծելով որ՝ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հայոց հազարամեայ պատմութեան հետքերը տոգորուած այդ մարզի մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։

Տէր-Ստեփանեան մտահոգութիւն յայտնած է 2020-ի աշնան Արցախի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած նախայարձակման հետեւանքներուն առնչութեամբ, նկատի ունենալով որ՝ որոշ տարածքներ, այդ կարգին՝ Հադրութը եւ Շուշին, ենթարկուած են հայաթափման։ Ան մասնաւորապէս շեշտած է, թէ բռնի տեղահանման հետեւանքով լուրջ վտանգ կը սպառնայ նաեւ բնակչութեան մշակութային ժառանգութեան։

Ամփոփելով իր ելոյթը՝ ՀՀ մնայուն ներկայացուցիչը վերահաստատած է, որ Արցախի հայ ժողովուրդի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ուշադրութեան կեդրոնը։

Խմբագրական