Երկուշաբթի, Մայիս 13-ին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյթ մը, նուիրուած Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան, ի մասնաւորի «Ամերիքա» խորագրեալ հատորին, զոր ներկայացուց ֆրանսահայ երիտասարդ արձակագիր, թարգմանիչ, Ինալքոյի հայ գրականութեան բաժնի դասախօս Քրիստիան Բատիկեան, որ ի դէպ Գրիգոր Պըլտեանը փոխարինած է այդ պաշտօնին։ Ներկայ էին հեղինակը եւ անոր գրականութիւնը գնահատող շուրջ 30 ընթերցասէրներ։
«Ամերիքա» հատորը՝ լոյս տեսած 2022-ին, «Սարգիս Խաչենց» հրատարակչատան կողմէ, Պըլտեանի վերջին գիրքն է, որ մաս կը կազմէ «Գիշերադարձ» շարքին։
Քրիստիան Բատիկեան «Ամերիքա»-ի մանրամասն ներկայացումէն աւելի անդրադարձաւ Պըլտեանի արձակ գործերուն ներքին ճարտարապետութեան, հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելով հեղինակին ստեղծած տիպարները՝ տարբեր վէպերու ընդմէջէն, փորձելով բացայայտել անոնց ներքին կապերը, թէ ինչպէս վէպի մը երկրորդական դէմք մը, յաջորդին մէջ կը դառնայ գլխաւոր հերոսը եւ այդպէս շարունակ…։ Ընթերցողը երբեմն կը հարցադրուի վէպերուն մէջ տեղ գտած պատահական դէպքերուն մասին, բայց յետոյ կը տեսնէ, թէ տուեալ պատահական դէպք մը կը դառնայ յաջորդ վէպի մը գլխաւոր նիւթը… մինչեւ որ հասնի «Ամերիքա»-ին։
Երեկոյթին անդրադարձ եղաւ նաեւ սոյն վէպի «տեսակին», եւ ինչպէս Բատիկեան ըսաւ՝ Պըլտեան ինք իր վէպերը կը կոչէ հակավէպ, որուն հիմքին կայ պատումը, իրարմէ անջատ իրական դէպքերու, որոնց վրայ կը կառուցուի վէպը, որոնցմէ մեկնած՝ տիպարներու ներաշխարհի թափանցումը կը կատարուի, զուգահեռներ, կապեր կը ստեղծուին կերպարներու եւ դէպքերու միջեւ, զրոյցներ, հեղինակի միջնորդութեամբ կամ անկէ անկախ։ Սակայն, հետագային նոյնիսկ ինք զանց կ՚առնէ պատումի վերաբերեալ իր սահմանած «օրէնքներ»-ը։
Ժ. Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։