ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի Անկախութեան տօնի նշումը անհամար անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19-ի երեկոյեան, մայրաքաղաքիս «Էնթերքոնթինանթալ» պանդոկի սրահներուն մէջ, կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանատան, տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 31-րդ տարեդարձի նշումը։

Ներկայ էին հարիւրաւոր հրաւիրեալներ, որոնց մէջ մեծ թիւով քաղաքական ծանօթ անձնաւորութիւններ՝ նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ, ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, քաղաքապետեր, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ (որոնց անունները մէկ առ մէկ յիշելը՝ անկարելի առաքելութիւն է, այնքան երկար պիտի ըլլար ցանկը), բայց նաեւ հայկական երեք յարանուանութեանց պետերը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպաններ, ծանօթ կազմակերպութիւններու հանրածանօթ ղեկավարներ, ազգային համայնքներու (ինչպէս օրինակ՝ կիպրական համայնքի) ներկայացուցիչներ, ծանօթ լրագրողներ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան…։

Հանրապետական պահակազօրքին (Garde républicaine) կողմէ երգուած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերու ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ ներկայ իրադրութեան մէջ այս տարի զանց պիտի առնուի տօնախմբութիւնը։ Ան շեշտը դրաւ Հայաստանի՝ «ինքնիշխան եւ ժողովրդավար» մնալու վճռակամութեան վրայ։ Դեսպանուհին ընդգծեց Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ գոյութիւն ունեցող աւելի քան իւրայատուկ յարաբերութիւնները եւ կարճ ակնարկով մըն ալ ներկայացուց այդ առանձնաշնորհեալ կապերուն ծնունդ տուած պատմական անցքերը, որոնք մինչեւ մեր օրերը կ՚երկարին Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանէն։ Ապա, տիկին Տոլմաջեան անդրադառնալով այն խիստ մտահոգիչ վիճակին, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստան ներկայիս, ըսաւ.- “Երկիրս կանգնած է գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ. անոր կը սպառնան իր դրացիները, որոնք կ՚ուզեն աւարտին հասցնել այն, ինչ որ սկսած էին 1915-ին։ Հայաստան կ՚ապրի իր պատմութեան վճռորոշ մէկ պահը։ Առանց օգնութեան՝ այս երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը անհետացման վտանգին դէմ-յանդիման կը գտնուի”։ Այնուհետեւ, տիկին դեսպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց առած քայլերով, իրենց խօսափողով կ՚ահազանգեն եւ կը զգայնացնեն հանրային կարծիքը։

Երեկոյթին, պաշտօնապէս Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը ներկայացնէր Արտաքին գործոց եւ Եւրոպայի նախարարութեան կից Եւրոպայի հարցերու պետական քարտուղարուհի Լօռանս Պուն։ Ան պատասխանելով տիկին Տոլմաջեանին, ի միջի այլոց, ըսաւ.- “Հայաստանի ազգային տօնը՝ անկախութեա՛ն տօնն է։ Այնքա՜ն դժուար ձեռք բերուած այդ անկախութիւնը դարաւոր հայ ժողովուրդին թոյլ տուաւ իր տեղը գրաւել ազգերու համակարգին մէջ։ Անկախութիւն մը, զոր Ֆրանսա միշտ պաշտպանած է եւ միշտ պիտի պաշտպանէ”։ 

Թ.Շ. ■