Յունուար 17-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի հետ։
Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնած է քաղաքապետուհիին՝ Հայաստանին վերաբերող հարցերուն հանդէպ անոր մնայուն ուշադրութեան, բացառիկ զօրակցութեան եւ հայ ժողովուրդին անոր ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար։ Ան բարձր գնահատած է տիկին Հիտալկոյի նախաձեռնութեամբ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի կողմէ ի նպաստ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին՝ շարք մը բանաձեւերու միաձայն ընդունումը, հայութեան համար կարեւոր ժամանակաշրջանին քաղաքապետուհիին Հայաստան կատարած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջինիս հանրային բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները:
Անն Հիտալկօ իր կարգին վերահաստատած է իր եւ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ամրապնդման եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած աշխատանքներուն՝ ընդգծելով թէ Փարիզ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին է:
Կողմերը անդրադարձած են վերջին շրջանին Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան, Երեւան-Փարիզ երկարամեայ գործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ծրագրերուն եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։