Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան ոսկէ մետալով

Հոկտեմբեր 16-ին, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան ընդունած է Ֆրանսայի Բանակներու նախարար Սեպասթիէն Լըքոռնիւն։ 

Հանդիպումին կողմերը հանգամանօրէն անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, ներառեալ՝ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի՝ յառաջիկային ծրագրուած Ֆրանսա այցելութեան օրակարգին։

Տիկին Տոլմաջեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նախարար Լըքոռնիւին՝ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման եւ պաշտպանական հարցերուն առումով վերջինիս սկզբունքային յանձնառութեան եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն համար։

Տեսակցութեան աւարտին, նախարար Լըքոռնիւ դեսպան Տոլմաջեանը պարգեւատրած է  Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան «Ազգային պաշտպանութեան» ոսկէ մետալով` Ֆրանսայի մէջ դիւանագիտական գործունէութեան ընթացքին անոր ներդրումին եւ ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ ունեցած նշանակալի աշխատանքին համար։

***

Աւելցնենք, որ դեսպան Տոլմաջեանի՝ Ֆրանսայի մէջ պաշտօնավարութեան շրջանը կը հասնի իր աւարտին։ Նախատեսուած է, որ ան իր դեսպանական առաքելութիւնը շարունակէ Զուիցերիոյ մէջ։ 

Իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։