Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի Հանրապետութեան «Բարեկամութեան շքանշան»-ներ յանձնուեցան ֆրանսացի խորհրդարանականներուն

Սեպտեմբեր 17-ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահութեան «Boffrand» հանդիսասրահին մէջ, նախագահ Ժերար Լառշէի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիասին, Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթէլին եւ Եւրոպական խորհրդարանի  երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիին յանձնեց Հայաստանի նախագահի հրամանագրով անոնց շնորհուած «Բարեկամութեան շքանշան»-ներ (l’Ordre de l’Amitié de la République d’Arménie)՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման, համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան ի նպաստ վերջիններուս կարեւոր ներդրումին համար։

 

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ժերար Լառշէ։ Այնուհետեւ խօսք առին Տիկին Տոլմաջեան, Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Հանրապետականներ» խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Ռըթայօ, ինչպէս նաեւ մեծարեալ խորհրդարանականները։

 

Ժերար Լառշէ, շնորհաւորելով  խորհրդարանականները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան  պետական շքանշանով պարգեւատրուելնուն կապակցութեամբ, անդրադարձաւ ֆրանքեւհայկական դարաւոր բարեկամութեան ու երկու երկիրներու միջեւ առանձնայատուկ կապերուն՝ վերահաստատելով Ծերակոյտի շարունակական աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ միշտ Հայաստանի կողքին ըլլալու յանձնառութիւնը։

 

 

Դեսպան Տոլմաջեան  Հայաստանի երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին, յանձին՝ նախագահ Լառշէի, հայ ժողովուրդի նկատմամբ բացառիկ զօրակցութիւն ցուցաբերելուն եւ գործնականապէս Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կողքին ըլլալուն համար: Ան բարձր գնահատեց Ուզուլիասի, Փեթէլի եւ  Պելամիի հսկայական ներդրումը, յատկապէս վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդին վերաբերող կարեւոր հարցերը մնայուն կերպով արծարծելնուն եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելնուն համար։

Հուսկ՝ ելոյթ ունեցան շքանշանակիրները, նշելով թէ իրենց համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է ստանալ նախագահական հրամանագրով իրենց շնորհուած Հայաստանի բարձր պարգեւները։ Անոնք շեշտեցին, որ պիտի շարունակեն նոյն համոզումով, հետեւողականութեամբ եւ յանձնառութեամբ Ֆրանսայի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած ջանքերը, արձագանգելով հայ ժողովուրդը մտահոգող հարցերուն։

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի նախագահ Վլադիմիր Վարդանեան, Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, Ֆրանսայի նախագահի խորհրդականը, կառավարութեան անդամներ, Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներ, հասարակական եւ մշակութային ծանօթ գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի լրագրողներ։