Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հրաւէրով՝ Դեկտեմբեր 14-ին, Փարիզի Warwick պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք խմբակցութեան (Collectif Arménie-Diaspora) հանդիպումը։ Այս նախաձեռնութիւնը, որ ծնունդ առած է 2024 Սեպտեմբերին կայացած Հայկական համաշխարհային գագաթնաժողովի ընթացքին, համախմբեց շուրջ քառասուն մասնակիցներ։ Վիէնի (Իզէռ նահանգ) փոխքաղաքապետ Լեւոն Սաքունցի առաջարկին ընդառաջելով կազմակերպուած հանդիպումին նպատակն էր համախմբել հայկական երկու համաշխարհային գագաթնաժողովներու ֆրանսախօս եւ ֆրանսացի մասնակիցները:
Այս տարի տեղի ունեցած Հայկական երկրորդ համաշխարհային գագաթնաժողովի ընթացքին ֆրանսացի մասնակիցները յանձնառու եղած էին հանդիպումներ կազմակերպելու Գլխաւոր յանձնակատարին հետ Ֆրանսայի մէջ եւ նոյնիսկ կազմակերպելու փոքր գագաթնաժողով մը՝ քննարկելու համար առարկայական հարցեր: Նպատակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումն էր՝ միաժամանակ ամրապնդելով Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերը։ Հայաստան-Սփիւռք խմբակցութիւնը կը հանդիսանայ ահա այս փոխանակման հարթակի առաջին շօշափելի արդիւնքը։
Դեկտեմբեր 14-ի ձեռնարկը համախմբեց գործուն անդամներ Փարիզեան շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի այլ շրջաններէն՝ շարունակելու համար գագաթնաժողովի ընթացքին սկսուած քննարկումները եւ կազմելու ռազմավարական ծրագրեր՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման:
Սեպտեմբերին արծարծուած որոշ բնաբաններու եւ այդ գագաթնաժողովէն քաղուած եզրակացութիւններու հակիրճ ներկայացումէն յետոյ ընկերաբան Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեան հարցում-պատասխանի բաժին մը վարեց Գլխաւոր յանձնակատարին հետ: Ֆրանսայի մէջ համաժողովներ կազմակերպելու գաղափարը արժանացաւ մասնակիցներու մեծ հետաքրքրութեան։
Աւարտին խօսք առաւ Ֆրանսահայ խորհուրդի նախագահ Դանիէլ Քիւրքճեան, որ ծանրացաւ հայկականութեան համաշխարհային տեսլականին վրայ։ Ան ընդգծեց տնտեսական զարգացման, մշակոյթի եւ կրթութեան վրայ կեդրոնացած ծրագրերու կարեւորութիւնը՝ հեռու զուտ քաղաքական նկատառումներէ:
Աւելի ուշ՝ երեկոյեան, քննարկումները շարունակուեցան ընթրիքի մը շուրջ, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի նոր դեսպան պրն Արման Խաչատրեան, որ յարգելի պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ հանդիպումին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։