Փարիզի մէջ Հոկտեմբեր 19-23 տեղի ունեցաւ «Sial 2024» սննդեղէնի եւ ըմպելիներու 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսը։
Սոյն իրադարձութեան Հայաստան ներկայացուած էր Տնտեսութեան նախարարութեան գանձատրած «Armenia» միասնական տաղաւարով՝ 23 հայկական ընկերութիւններու արտադրանքով։ Հայկական 11 ուրիշ ընկերութիւններ ալ ներկայացուած էին Առեւտուրի միջազգային կեդրոնի (ITC)՝ Եւրոպական Միութեան օժանդակութեամբ բացուած տաղաւարով։
Հոկտեմբեր 22-ին, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան այցելած է ցուցահանդէս ու հայկական ընկերութիւններու տաղաւարները, ծանօթացած է անոնց ներկայացուցած արտադրութիւններուն։ Պատասխանատուներու հետ քննարկուած են ֆրանսական ընկերութիւններու հետ համագործակցութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ՝ հայկական արտադրանքը ֆրանսական շուկային մէջ ներկայացնելու հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։
Երկու տարին անգամ մը Փարիզի մէջ կազմակերպուող Sial-ը կը հանդիսանայ Եւրոպայի սննդեղէնի արդիւնաբերութեան ամէնէն մեծ ցուցահանդէսներէն մէկը, որ տարեկան աւելի քան 250.000 այցելու ունի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։