Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հանդիպում՝ Փարիզի Փարալիմփիք խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներուն հետ

Սեպտեմբեր 6-ին, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Փարալիմփիք ամառնային խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներ՝ Գրետա Վարդանեանի (փարածանրաբարձութիւն), Սմբատ Կարապետեանի (անուաթոռավազք) եւ մարզական կազմին հետ։ 

Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀԲՄԸ Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Նատիա Գործունեան, Հայաստանի ազգային Փարալիմփիք յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Ասթրիտ Փանոսեան։ 

Տիկին Գործունեան նշեց, թէ հայ համայնքին համար մեծ հպարտութիւն է տեսնել հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը Փարիզի Ողիմպիական եւ Փարալիմփիք խաղերուն եւ այդ մասին կը վկայեն նաեւ մրցումներուն հանդիսատեսներու շարքերուն ծածանող Հայաստանի բազմաթիւ դրօշները։ 

Հայաստանի ազգային Փարալիմփիք յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, յայտնեց, թէ մրցումներու ընթացքին մեր մարզիկները զգացին Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայ համայնքին աջակցութիւնը, որ մեծապէս քաջալերեց զիրենք։ Ան ընգծեց նաեւ Հայաստանի մէջ Փարալիմփիք մարզաձեւերու զարգացման առաւել ուշադրութիւն դարձնելու կարեւորութիւնը։ 

 

Իր կարգին Տիկին Տոլմաջեան շնորհաւորեց հայ մարզիկները իրենց փայլուն ելոյթներուն համար՝ շեշտելով, թէ Փարալիմփիքին մասնակցած հայ մարզիկներու դրսեւորած բացառիկ յատկանիշները ամբողջ հայ ժողովուրդին համար ոչ միայն հպարտութեան, այլ նաեւ ոգեշնչման աղբիւր կը հանդիսանան։ 

Ելոյթներէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու հայկական պատուիրակութեան անդամներուն։ 

Հանդիպումին ներկայ էին Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը, հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ։