Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Հանրահաւաք՝ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով

Փասքալ Կոլնիշ կը դիմէ հանրութեան

Երեքշաբ­թի, Նո­յեմ­բեր 5-ի երե­կոյեան, Էյ­ֆէ­լեան աշ­տա­րակին հան­դի­պակաց՝ Թրո­քատե­րոյի բա­ցատին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Oeuvre d’Orient»-ի, CCAF-ի եւ Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցութեան ըն­կե­րակ­ցութեան միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պած հան­րա­հաւա­քը՝ Պա­քուի մէջ ապօ­րինա­բար պա­հուող հայ գե­րինե­րու ազատ ար­ձակման պա­հան­ջով։

«Ո՛չ Ազեր­պայճա­նի մէջ COP29-ին, առանց գե­րինե­րու ազատ ար­ձակման» կար­գա­խօսով հան­րա­հաւա­քին ներ­կայ էր քա­նի մը հա­րիւր հո­գինոց բազ­մութիւն մը, բայց դժբախ­տա­բար՝ ակնկա­լուա­ծէն նուազ։ Հոն էին նաեւ Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզի հան­րա­ծանօթ դէմ­քեր, ինչպէս Հօ-տը-Ֆրանս շրջա­նի նա­խագահ Զա­ւիէ Պերթրան, Եւ­րո­պական խորհրդա­րանի երես­փո­խան­ներ Ֆրան­սուա-Զա­ւիէ Պե­լամի, Ռա­ֆայէլ Կլիւքսման եւ ու­րիշներ։

Ելոյթներ ու­նե­ցան «Oeuvre d’Orient»-ի ընդհ. տնօ­րէն Փաս­քալ Կոլ­նիշ, CCAF-ի հա­մանա­խագահ Արա Թո­րանեան, Ֆրան­սա­յի մէջ Ար­ցա­խի մնա­յուն ներ­կա­յացու­ցիչ Յով­հաննէս Գէոր­գեան, եւ­րոերես­փո­խան­ներ Պե­լամի եւ Կլիւքսման, որոնք բո­լորն ալ դա­տապար­տե­լով Ազեր­պայճա­նի ապօ­րինի քայ­լե­րը ընդհան­րա­պէս, եւ հայ 23 պա­տանդնե­րու, որոնց մէջ Արցախի նախ­կին ղե­կավար­նե­րուն գե­րեվա­րու­մը՝ յատ­կա­պէս, կոչ ըրին մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան, որ COP29 հա­մաժո­ղովին ըն­դա­ռաջ՝ ճնշում բա­նեց­նէ Պա­քուի վրայ, ձեռք ձգե­լու հա­մար անոնց ազատ ար­ձա­կու­մը։ 

Էյ­ֆէ­լեան աշ­տա­րակին հան­դի­պակաց բա­ցատին վրայ կը պլպլա­յին 23 մո­մեր՝ 23 հայ գե­րինե­րու անունով։ ■